Թուրքիոյ Կոշտ Արձագանգը Ցեղասպանութիւնը Ճանչցող Հայերուն

Ըստ աղբիւրին՝ «Սապահ»ի մէջ հրապարակուած Մարգար Եսայեանի յօդուածին մէջ գրուած է. «1915ին տեղի ունեցածը, իմ կարծիքով, կը համապատասխանէ ցեղասպանութեանց մասին ՄԱԿի 1948ի ուխտի դրոյթներուն: Զայն ընդունած է նաեւ Ռաֆայէլ Լեմքինը, երբ կը ջանար իրաւական հիմնաւորում տալ ցեղասպանութեան»:
Իսկ Մահճուպեան ըսած էր. «Երբ Պոսնիոյ եւ Ափրիկէի դէպքերը ցեղասպանութիւն կը համարուին, անկարելի է պնդել, թէ 1915ին ցեղասպանութիւն չէ եղած: Սակայն կարեւորը այդ բառը չէ: Կարեւորը անցեալէն դասեր քաղելով միասնաբար ապագայ կերտելն է: Կարեւոր է 100 տարի առաջ տեղի ունեցածին նայիլ կարենալ: Կարեւոր է այսօր, այստեղ ապրող մարդոց իրարու հասկնալն ու հաղորդակցիլը»:
http://asbarez.com/arm/221289/