10 յունուար 2022-ին Փարիզի մէջ իր մահկանացուն կնքեց վաստակաշատ արուեստագէտ, արուեստի ու գեղանկարչութեան երկարամեայ դասախօս Յարութիւն Թորոսեան: Յարութիւն Թորոսեան ծնած է Պէյրութ, 1933-ին: Նախնական կրթութիւնը ստացած է Մեսրոպեան եւ Աբգարեան վարժարաններուն մէջ: 1951-1952-ին հետեւած է Վահէ Վահեանի գրականութեան դասընթացքներուն: 1953-1955 յաճախած է «Աքատեմի Լիպանեզ տէ Պոզար»: 1956-ին մեկնած է Փարիզ ու հետեւած «Էքոլ Նասիոնալ Սիւփերիէօր տէ Պոզար» նկարչական, փորագրական եւ խճանկարչութեան դասընթացքներուն:
Добавить комментарий