ԿԼԵՆՏԷՅԼ.- Արեւմտեան Ամերիկայի Հայ Դատի յանձնախումբը կը հաղորդէ, որ այս տարուան իր տարեկան ձեռնարկին ընթացքին, կազմակերպութեան «Ժառանգութիւն» մրցանակը պիտի շնորհէ բարերար եւ համայնքային ղեկավար Վարուժան Գունտաքճեանին՝ յետ մահու. մրցանակը պիտի ստանձնէ Գունտաքճեանի ընտանիքը, Կիրակի, Հոկտեմբեր 16ին կայանալիք ձեռնարկին ընթացքին։

