Ամերիկահայ գործիչ, առողջապահական համակարգի ձեռներեց Մայք Սարեան, նկատի ունենալով «Քորոնա» ժահրի յարուցած խնդիրները, որոշած է Հայաստանին նուիրել թոքերը նկարելու ժամանակակից ու շարժական սարք: «Արեւելք»-ի տեղեկութիւններով ամերիկահայ գործարարը սարքն արդէն ուղարկած է Հայաստան, այն, ըստ տեղեկութիւններու, Հայաստան պիտի ըլլայ չորեքշաբթի օր: Յայտնի է, որ «Քորոնա» ժահրը կրնայ թոքաբորբ առաջացնել, եւ ըստ Մայք Սարեանի, այս օրերուն շատ կը կարեւորուի նման արդիական սարքի անհրաժեշտութիւնը:

