Եւրոպական Շուկայ Մուտք Գործելու Նոր Հեռանկարներ՝ ՀԱ Համար

Հանդիպման մասնակիցները միտքեր փոխանակած են Հայաստանի մէջ լոճիսթիք կեդրոնի ձեւաւորման շուրջ, ինչ որ պիտի դիւրացնէ եւրոպական շուկային մէջ հայկական ընկերութիւններու ներկայացուածութիւնը եւ արտածման գործընթացները: Պայմանաւորուածութիւն ձեռք բերուած է այն գծով, որ նախարարութիւնը յառաջիկային ներկայացնէ ցանկը հայկական այն ընկերութիւններուն, որոնց ապրանքատեսակները որակական չափանիշներով կը համապատասխանեն եւրոպական շուկայի պահանջներուն եւ հետաքրքրուած կ՛ըլլան ներկայացուելու ցուցահանդէսային կեդրոնին մէջ:

http://asbarez.com/arm/272659/