Թուրքիոյ Հայութիւնը Վախի Մթնոլորտի Մէջ Կ՛ապրի. Սայաթ Թեքիր

Դեկտեմբեր 27ին, Երեւանի մէջ կազմակերպուած՝ «Թուրքիոյ ներքաղաքական զարգացումները եւ ազդեցութիւնը՝ տարածաշրջանին եւ Հայաստանի վրայ» նիւթով քննարկումին ընթացքին, «Նոր Զարթօնք» շարժման համահիմնադիր, փորձագէտ Սայաթ Թեքիր, որ Պոլիսէն սոյն քննարկման միացած էր համացանցի միջոցով, ըսաւ, որ զինուորական յեղաշրջման փորձէն ետք Թուրքիոյ մէջ իրավիճակը փոխուած է, իսկ Էրտողան կը փորձէ սուլթանութիւն հիմնել:

http://asbarez.com/arm/271700/