ԵՐԵՒԱՆ, «Մեդիամաքս».- Ուրբաթ, Հոկտեմբեր 28ին, IDeA հիմնադրամին նախաձեռնութեամբ, «Հայաստանի Հանրապետութիւն» եւ «The New York Times» թերթերուն մէջ հրապարակուած է «Համաշխարհային («Գլոբալ») Հայերու Ապագան Այսօր Է» խորագրուած բաց նամակը՝ ստորագրուած տարբեր երկիրներու մէջ բնակող անուանի հայերու կողմէ: Նամակը հրապարակուած է Հայկական Բարեգործական Ընդհանուր Միութեան (ՀԲԸՄ) 110րդ տարեդարձին առիթով:

