-Որպէս դպրոցի տեսուչ՝ այդ օրերուն քանիցս հանդիպումներ ունեցած եմ թէ՛ աշակերտերու, թէ՛ մանկավարժներու եւ թէ՛ ծնողներու հետ: Անոնց ըսուած է, որ դպրոցին մէջ աշակերտի առօրեային եւ անվտանգութեան պատասխանատուութիւնը կը կրէ դպրոցը, ուստի արտօնելի չէ ուսումնառութեան ընդհատումը: Բայց եւ այնպէս, ունեցած ենք աշակերտներ, յատկապէս աւագ դպրոցին մէջ, որոնք հաւաքուած ու որոշած են դպրոց չգալ ու երթալ ցոյցի, ինչի մասին իրազեկուած են իրենց ծնողները: Միեւնոյն ժամանակ միշտ խրախուսուած է քաղաքացիական պարտքի զգացումը աշակերտներուն մօտ՝ տարբերակելու արդարը անարդարէն, չարիքը բարիքէն: Սա եղած է մեր հիմնական մօտեցումը այդ օրերուն: Պէտք է արձանագրել, որ մեր աշակերտներու գործուն մասնակցութիւնը քաղաքացիական շարժումի գործընթացներուն երիտասարդ սերունդի դաստիարակութեան առանցքային ձեռքբերումներէն է: Ես միշտ կ’ըսեմ, որ եթէ երկու տարի առաջ արցախեան քառօրեային յաղթեցին մեր հերոս երիտասարդները, ատիկա մեր մանկավարժներու դաստիարակութեան արդիւնքն էր նաեւ, եթէ ամիսներ առաջ յաղթեցին յեղափոխական երիտասարդները, ատիկա նոյնպէս կրթութեան արդիւնքն էր: Այսպիսով, պէտք է նաեւ երախտապարտ ըլլալ դպրոցի ուսուցիչին:
Добавить комментарий